ԱՄՆ-ու Արտաքին նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակի թուիթըրեան էջին գրուած է, թէ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ է կազամատակարարման խափանումներով եւ Ազէրպայճանի բանակի տեղաշարժերով։ «Հայաստան եւ Ազէրպայճան պէտք է օգտագործեն ուղղակի կապի միջոցները՝ կացութիւնը հանդարտեցնելու համար»,– ըսուած է թուիթըրեան գրառման մէջ։
Հաղորդուած է նաեւ որ՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի՝ եւրոպական հարցերու կցորդ Քարեն Տոնֆրիտ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հետ։