«Արցախը դիմանում է և դիմակայելու է անկախ ամէն ինչից» 

Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ ընդհանուր կացութեան մասին

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող մարդասիրական, ընկերա-տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական ընդհանուր իրավիճակին, «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է թէ՝ Ազէրպայճան մարդասիրական չափանիշերու դէմ ահաբեկման քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախի հայ բնակչութեան հանդէպ, բայց Արցախը, անկախ ամէն ինչէ, կը դիմանայ:

“Վիճակը բարդ է, բայց սա է, դիմանում ենք եւ դիմանալու ենք՝ անկախ ամէն ինչից”,– ընդգծած է Բաբայեան, շեշտելով որ՝ Ազէրպայճանի իշխանութիւնները դիտաւորեալ խափանած են Արցախահայութեան կազամատակարարումը, ներառեալ՝ քաղաքական նկատառումներով: