Գերմանիոյ Պարպի (Barby) համայնքի քաղաքային խորհուրդը 2024 Դեկտեմբերին որոշած էր սերտ կապեր հաստատել Եղէգնաձորի հետ՝ համայնքային, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներու մէջ, զարկ տալով նաեւ զբօսաշրջութեան։
Յունուար 23-ին, Պարպիի քաղաքապետ Եէօռն Վայներթի հրաւէրով դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան մասնակցած է քաղաքի ամէնամեայ ընդունելութեան, ուր հարիւրաւոր հիւրերու կարգին ներկայ եղած են Պունտեսթակի երեսփոխաններ եւ Սաքսոնիա-Անհալթ դաշնակցային երկրամասին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Միխայէլ Շմիթ։
Դեսպանը ողջունած է Եղէգնաձորի հետ գործընկերութեան մասին քաղաքային խորհուրդի որոշումը։ Ան երկտող մը ստորագրած է Պարպիի ոսկէ մատեանին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։