Թուրք կուսակցապետը Հայաստանին գլխաւոր երկու նախապայման կ՚առաջադրէ

Թուրքիոյ ազգայնական «Մեծ միութիւն» (BBP) կուսակցութեան նախագահը նախապայմաններ առաջադրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

Թրքական Haberler–ի համաձայն՝ BBP-ի նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճի յայտարարած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար պէտք է առաջադրէ երկու նախապայման։ Ան պնդած է, թէ Ղարաբաղը տակաւին «ամբողջութեամբ ազատագրուած» չէ եւ պէտք է Հայաստան մնացեալ տարածքներն ալ  յանձնէ եւ հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող աշխատանքներէն։

Ան ըսած է, թէ առանց այդ նախապայմանները կատարելու, Թուրքիա պէտք է սառեցնէ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։