Յունուար 21-ին, Լիոն այցելած են Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ, նախկին նախարար, գրող, Ռումանիոյ հայերու եւ գրողներու միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ կինը՝ երգահան Միհայելա Սթանքուլեսքու-Ոսկանեան։ Ամoլը ընդունուած է Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանի կողմէ։
Լիոնի մէջ տեղի ունեցած «Գրողը՝ պատմութեան պատմիչ» բնաբանով երեկոյթի ընթացքին, Վարուժան Ոսկանեան ներկայացուցած է իր «Շշուկներու մատեան» ֆրանսերէնի թարգմանուած հատորը (” Le Livre des Chuchotements “), որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայերու բազմաթիւ սերունդներու եւ անոնց ընտանիքներուն ապրած դաժան իրականութեան մասին:
Յարգելի հիւրերը իրենց կեցութեան ընթացքին այցելած են նաեւ Լիոնի եւ Տէսինի հայկական հաստատութիւնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։