Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Ապրիլ 24-ին, Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսած է 108 տարի առաջ այս օրը։ Նախ հայ մտաւորականները, ապա ամբողջ հայ ազգը վտարուեցան իրենց հինաւուրց հողերէն, կոտորուեցան։ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ իրենց կեանքը կորսնցուցածներուն յիշատակը կը յարգեմ։ Աստուած թող իրենց հոգին լուսաւորէ։
Նզովք՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրող դահիճներուն։ Յարգանքով կը խոնարհիմ յանձին Քիւթահիոյ նահանգապետ Ֆայիք Ալի Օզանսոյի՝ ժամանակի բոլոր այն խղճամիտ հանրային ծառայողներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքի գինով չեն կատարած ցեղասպանութեան որոշումը։
(…)
108 տարի ետք ցեղասպանութեան պարագլուխ Թալաաթ փաշայի անունով փողոցներէ կը քալենք։ Անոր անունով դպրոցներու մէջ կը սորվին մեր երախաները։
Եթէ Գերմանիոյ մէջ այսօր Հիթլերի անունով պողոտաներ ըլլային, Հիթլերի անունով դպրոցներու մէջ ուսանէին երախաները, ինչպիսի՞ Գերմանիա պիտի ըլլար, ահա այդպիսի Թուրքիոյ մէջ մենք կ՚ապրինք»։