ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 31-ԱՄԵԱԿ – Յարգանքի տուրք՝ յանուն Հայրենիքի անկախութեան իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու յիշատակին

Յարգանքի տուրք

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ ՀՀ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ Հայաստանի անկախութեան 31-ամեակին առթիւ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։

Ան ծաղիկներ խոնարհած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: