ՀՀ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան Մայիս 2-ին հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ ընդդիմութեան անհնազանդութեան եւ ոստիկաններու գործողութիւններուն վերաբերեալ։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանին անձնակազմը վաղ առաւօտէն այցելած են ոստիկանութեան 8 բաժիններուն մէջ աւելի քան 151 անձեր։ Արձանագրուած են քաղաքացիներու ձերբակալման ընթացակարգային շարք մը խախտումներ։
«Զանգուածային բնոյթ է կրում առանց որեւէ պահանջ ներկայացնելու, առանց քաղաքացիները ձերբակալելու պատճառների եւ հիմքերի պարզաբանման, առանց ոստիկանութեան ծառայողների կողմից ներկայանալու, առանց քաղաքացիների նուազագոյն իրաւունքների մասին տեղեկացնելու՝ ձերբակալելու արատաւոր եւ անթոյլատրելի գործելաոճը։ Արձանագրուել են նոյնիսկ դէպքեր, երբ մէկ ժամից աւելի ոստիկանութեան բաժնում գտնուող քաղաքացիները տեղեակ չեն եղել իրենց ձերբակալութեան պատճառների եւ հիմքերի մասին»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Պաշտպանի աշխատակազմը ուսումնասիրած է նաեւ լրասփիւռներու հրապարակումները եւ արձանագրած «մի շարք խախտումներ եւ մտահոգիչ դէպքեր»։ Ոստիկանութեան կողմէ ցոյցերու մասնակիցներու ձերբակալման գործելակերպերուն մէջ խնդրայարոյց կը մնայ անհամաչափ ուժի գործադրումը։
«Մի շարք լրասփիւռների տարածած տեսանիւթում երեւում է քաղաքացուն ձերբակալելիս ոստիկանութեան 4-6 ծառայողների կողմից նրա նկատմամբ անհամաչափ ուժի կիրառումը, իսկ մէկ ծառայող էլ ձերբակալուող անձի գլխի շրջանում մի քանի հարուածներ է հասցնում։ Պաշտպանը խստօրէն դատապարտում է ոստիկանութեան ծառայողի կողմից անձը ձերբակալելու անհրաժեշտութեամբ չպայմանաւորուած, ոստիկանութեան ծառայողի կարգավիճակից դուրս, օրէնքը խախտող նման գործելակերպը»,– ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։
Միաժամանակ, ՄԻՊ-ը կ՚ողջունէ նշեալ ոստիկանի նկատմամբ նշանակուած ծառայողական քննութիւնը։
«ՄԻՊ-ի աշխատակազմի ներկայացուցիչն ականատես է եղել ՊՊԾ ղեկավարի կողմից մասնագիտական գործունէութիւն իրականացնող լրագրողի նկատմամբ բռնութեան կիրառման դէպքի, ինչը Պաշտպանն անթոյլատրելի եւ դատապարտելի է համարում, յատկապէս այն պարագային, երբ արարքն իրականացւում է ոչ թէ շարքային ծառայողի, այլ ղեկավար պաշտօն զբաղեցնող անձի կողմից։ Հանրային վայրում ծառայութիւն իրականացնող պետական ոեւէ ծառայողի կողմից պէտք է բացառուի բռնութեան որեւէ դրսեւորում, յատկապէս մասնագիտական գործունէութիւն իրականացնող լրագրողների նկատմամբ»,– նաեւ ի միջի այլոց, ըսուած է յայտարարութեան մէջ։