ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Բարեսիրական համերգ՝ ի նպաստ Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնին

Փետրուար 19-ին, ջութակի աշխարհահռչակ արտադրող՝ Ֆլորիան Լէոնհարտի հիմնած Լոնտոնի «Ֆլորիան Լէոնհարտ Ֆայն Վայոլինզ» արհեստանոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ բարեսիրական համերգ մը՝ ի նպաստ Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնին։ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը համախմբած է ականաւոր երաժիշտներ եւ հայկական մշակոյթի աջակիցներ։

Իր ելոյթին դեսպան Վարուժան Ներսէսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆլորիան Լէոնհարտին՝ հայկական մշակոյթին ցուցաբերած իր աջակցութեան համար, մասնաւորապէս շեշտելով անոր անցեալ տարի առաջին այցելութիւնը Հայաստան եւ Կապանի՝ Սթրատիվարիուս գործիքներու ցուցահանդէսի կազմակերպման մէջ իր դերակատարութիւնը, որ աննախադէպ իրադարձութիւն մըն էր։

Խօսելով Կապանի Միջազգային երաժշտական փառատօնին մասին, դեսպանը ընդգծած է անոր իւրայատուկ դերը մշակութային դիւանագիտութեան եւ դիմադրողականութեան խթանման մէջ՝ շարունակական մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած շրջանի մը համար։ Ան նշած է, թէ սահմանամերձ Կապանի աշխարհագրական դիրքը՝ փառատօնը կը վերածէ մշակութային դիմադրութեան արարքի մը՝ ի հեճուկս բազմաթիւ դժուարութիւններուն։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցած են Էլի Սիւհ (ջութակ), Սեւակ Ավանէսեան (թաւջութակ) եւ Եուքի Նեկիշի (դաշնակ)։