Նետերլանտներու մէջ Ազերպայճանի դեսպանատունը դիմած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարարին հանդիպելու առաջարկով, սակայն յանձնաժողովը մերժած է դիմումը:
Այս կապակցութեամբ յանձնաժողովի հրապարակած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ մի՛այն խորհրդարանի DENK խմբակցութիւնը համաձայն եղած է առաջարկին, CDA խմբակցութիւնը յայտնած է, որ չի կրնար մասնակցիլ հանդիպումին, այլ խմբակցութիւններէ ո՛չ մէկ արձագանգ եղած է:
Յանձնաժողովէն հաղորդած են, որ հանդիպման համար մեծամասնութիւն չէ գոյացած, եւ ո՛չ մէկ հանդիպում նախատեսուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովի հետ եւ այդ մասին տեղեակ կը պահուի Ազերպայճանի դեսպանութիւնը: