ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Շիֆ 950.000 տոլար աջակցութիւն կ՚ապահովէ Հայ-ամերիկեան թանգարանին

Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆի գրասենեակէն տեղեկացուցած են, թէ գոնկրէսականին ջանքերով՝ 2022-ի պետական ամավարկի Ներկայացուցիչներու տան տարբերակին մէջ կարելի եղած է 950.000 տոլար աջակցութիւն ապահովել Հայ-ամերիկեան թանգարանին։

Շիֆ յայտարարած է, որ Կլենտէյլի մէջ կառուցուող թանգարանը առիթ պիտի ընծայէ Ամերիկահայութեան արժէքաւոր ներդրումները ծանօթանցելու Լոս Անճըլըս գաւառի, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ բնակչութեան, որ կրնայ դասեր քաղել Հայութեան փորձառութենէն։

Նշենք, թէ Շիֆ անցեալ ամիս այցելած էր թանգարանի կառուցման վայրը, անձնամբ ծանօթանալու շինարարական աշխատանքներուն։