Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ «կացութիւնը սրելու նպատակով պէտք չէ չարաշահիլ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը»։
«Հայկական կողմը պէտք է վերջ տայ իր տարածքին ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան ներկայութեան չարաշահումին, որու նպատակը տարածաշրջանի կացութեան սրումն ու սեփական ռազմական գրգռութիւնները կոծկելն է»,– նշուած է ազերպայճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
«Ազերպայճանի կողմէ տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն դէմ գործադրուող բոլոր գրգռութիւններու պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։ ԵՄ-ի առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքին պէտք չէ Երեւանի՝ իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելէ հրաժարելուն պատճառ դառնայ»,– ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։