ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – ԵԽԽՎ-ի նիստին՝ Ազերպայճանին կոչ յղուած է անյապաղ իր ուժերը ետ քաշելու Հայաստանի տարածքէն

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին՝ Հայաստանի հարցով զեկուցողները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որով Ազերպայճանին կոչ կ՚ուղղուի անյապաղ իր ուժերը ետ քաշելու Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն և ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են Ազերպայճանի զինուած ուժերուն գործած ռազմական ոճիրներու մասին ստացուող տեղեկութիւններու վերաբերեալ։