Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորան Պրաթիսլաւայի՝ «GLOBSEC 2023 Bratislava Forum»-ի շրջանակին մէջ, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ մասնակցած է առանձին քննարկումին եւ ներկայացուցած հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ հայ-ազերպայճանական բանակցութիւններու վերաբերեալ, շեշտելով թէ Հայաստան կը ճանչնայ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը։
Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի հաղորդման համաձայն՝ Գրիգորեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու վերաբերեալ միջազգային գործիքակազմի, Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հոլովոյթներու, տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման առնչուող հարցերուն: Ան շեշտած է բանակցութիւններուն մէջ Ազերպայճանի շինիչ կեցուածքի անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ յղելով զերծ մնալու առաւելապաշտական նկրտումներէ: