Փաշինեան. «Եթէ Եկեղեցու յարաբերութիւնները կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն Եկեղեցու յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստծոյ հետ»

Ապրիլ 21-ին, Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկելով Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախորդ օր կատարած յայտարարութիւններուն (տե՛ս. «ՆՅ» թիւ 1868), նշած է հետեւեալը.

“Ուզում եմ անդրադառնալ անընդհատ քննարկուող մի թեմայի, որ ասում են, թէ Կառավարութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնները լաւ չեն կամ խնդիրներ կան այդ յարաբերութիւններում։ Հիմա պիտի շատ տարօրինակ ու աղմկոտ յայտարարութիւն անեմ. եթէ Եկեղեցու յարաբերութիւնները Կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն լաւ չեն Աստծոյ հետ ու դա համաձայն քրիստոնէական տեսութեան”։

Վարչապետը իր ըսածը ապացուցելու համար մէջբերում կատարած է Պօղոս առաքեալի՝ Հռոմէացիներուն ուղղուած թուղթի 13-րդ համարէն: «Չկա՛յ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, հետեւաբար ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակւում»,– աւելցնելով. «Թող եկեղեցին ինքը իր տեսութեան, իր էութեան, իր մասին մտածի եւ թող Աստուած մեզ օգնի հզօրացնել եւ խաղաղութիւն բերել մեր պետութեանը”։

***

Արարատ քահանայ Պօղոսեան. «Պօղոս առաքեալի այդ տողերը վկայակոչելիս պէտք է լինել զգուշաւոր, քանի որ այն ունի ոլրանետի (պումըրանկ) ազդեցութիւն»

Այս կապակցութեամբ Արարատ քահանայ Պօղոսեան հետեւեալը գրած է.

«Պօղոս առաքեալի՝ իշխանութիւններին հնազանդուելու մասին ասուած խօսքերը (Հռոմ. ԺԳ. 1-4) մեկնաբանւում են տարբեր կերպ՝ նոյնիսկ գայթակղեցնելով բազմաթիւ գիտնականների եւ աստուածաբանների։

Բացարձակ իշխանութիւնը բացատրւում է ընդհանուր շահի նկատմամբ մտահոգութեամբ։ Այս խնամատարութիւնը Աստծուց վստահուած է առաջնորդին, որը կարող է դրսեւորուել օտար զաւթիչների նկատմամբ ուժի կիրառման տեսքով՝ հասարակութիւնը պաշտպանելու համար։ Օգոստինոս Երանելին վկայակոչելով Պօղոս առաքեալի խօսքերը (Հռոմ․ ԺԳ. 1-4), մեկնաբանում է որպէս կառավարիչների՝ իրենց տարածքում ընդհանուր բարօրութեան պաշտպանութեան համար հակառակորդների նկատմամբ ուժ գործադրելու թոյլտւութիւն (բարոյապէս արդարացուած): Իսկ Թովմա Աքվինացին կարծում է, որ եթէ ոեւէ կառավարիչ սեփական կառավարման տարածքում խախտում է Աստծու պատգամներն ու Եկեղեցու պատուիրանները, ապա նման կառավարիչների դէմ կարող է լինել ժողովրդական դիմադրութիւն, որին դէմ չէ Եկեղեցին, քանի որ այդ պայքարն ընկալւում է ոչ թէ իշխանութեան էութեան դէմ, այլ տրուած իշխանութեան օգտագործման ձեւի եւ գործադրման դէմ։

Ուստի այդ տողերը վկայակոչելիս (յատկապէս ոեւէ իշխանութեան ներկայացուցչի կողմից) պէտք է լինել զգուշաւոր, քանի որ այն ունի ոլրանետի ազդեցութիւն եւ կարող է ուղղուել հէնց այդ խօսքերը վկայակոչողի դէմ։

Աստուածաշնչի ամէնօրեայ ընթերցանութիւնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտաւորութիւնն է։ Սակայն սուրբգրային բնագրերի մեկնաբանութիւնը վերապահուած է բացառապէս մասնագիտական շրջանակներին։ Քանզի այդ շրջանակներից դուրս արուած աստուածաշնչեան մեկնաբանութիւնները յղի են նոր աղանդաւորական շարժումներ սկզբնաւորելու վտանգով։ Ուստի Սուրբ Գրքի տողերի մեկնաբանութիւնը վերապահուած է մեկնողական եւ հայրաբանական գրականութեան քաջածանօթ մասնագէտներին, այլապէս իւրաքանչիւր հայերէն խօսել իմացող կարող է իրեն զգալ որպէս Հայոց լեզուի ուսուցիչ։

Եկեղեցին, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, իր պատմութեան ողջ ընթացքում երբեւէ չի շեղուել կամ հեռացել աստուածաշաւիղ իր առաքելութիւնից թէ՛ հոգեփրկչական եւ թէ՛ ազգապահպան։ Հետեւաբար իւրաքանչիւրը թող իր գործունէութիւնը լաւագոյնս իրականացնի իր ստանձնած պարտաւորութիւնների շրջանակներում։

Եւ քանի որ վերջին օրերում “մոդայիկ” է դարձել Աստուածաշնչից մէջբերումներ կատարել, ուստի փարատելու համար այլոց այլեւայլ մտահոգութիւններն ու վախերը, խօսքս կ՚աւարտեմ իշխանութեան վերաբերեալ սուրբգրային երկու մէջբերմամբ, հետեւութիւնները թողնելով Պօղոս առաքեալից իշխանութեան մասին վկայակոչումներ անողներին․

“Իմ թագաւորութիւնն այս աշխարհից չէ. եթէ իմ թագաւորութիւնն այս աշխարհից լինէր, իմ հետեւորդները կը մարտնչէին արդէն” (Յովհ․ 18։36)։

“Քո սուրը ետ դիր իր տեղը, որովհետեւ, ովքեր սուր են վերցնում, սրով կ՚ընկնեն։ Եւ կամ կարծո՞ւմ ես, թէ չեմ կարող իմ Հօրն աղաչել, որ նա հիմա ինձ համար այստեղ հասցնի հրեշտակների աւելի քան տասներկու գնդեր” (Մատթ․ 26։52-53)»։

***

Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդն ալ արձագանգած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի՝ Արցախի վերաբերեալ յայտարարութեան

Ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ Կովկասի մահմետականներու գրասենեակի նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ եւս արձագանգած է Վեհափառ հայրապետին յայտարարութեան առ այն, որ Արցախը չի կրնար պատկերացնել Ազերպայճանի կազմին մէջ եւ թէ հայ ժողովուրդը որեւէ կերպով պիտի չհաշտուի՝ Արցախը Ազերպայճանի կազմին մէջ տեսնելու գաղափարին հետ։

Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդը նշած է, թէ Հայոց կաթողիկոսը՝ «հոգեւորականի համար անընդունելի» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) յայտարարութիւններ ըրած է:

“Կրօնական անձինք պէտք է ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան կոչ ընեն. կրօնական առաջնորդներու՝ քաղաքականութեան միջամտութիւնը սխալ է: Մենք Հայ եկեղեցիին բարեկամութեան կոչ կ՚ընենք”,– ըսած է Փաշազատէ։