Փետրուար 24-էն ի վեր աւելի քան հինգ միլիոն հոգի լքած է Ուքրաինան

Աւելի քան հինգ միլիոն հոգի Ուքրաինայի տարածքը լքած է Փետրուար 24-էն Ապրիլ 19 երկարող ժամանակաշրջանին: Այս մասին կը վկայեն ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղ  գտած տուեալները:

Այդ տուեալներուն համաձայն՝ նուազ քան երկու ամսուան ընթացքին Ուքրաինայէն մեկնած է 5 միլիոն 31 հազար 306 հոգի: 2,8 միլիոնէն աւելի գաղթական անցած է Լեհաստան, 757 հազար՝ Ռումանիա, շուրջ 550 հազար՝ Ռուսաստան, աւելի քան 471 հազար՝ Հունգարիա: Գրեթէ 427 հազար հոգի մեկնած է Մոլտաւիա, շուրջ 343 հազար՝ Սլովաքիա, աւելի քան 23 հազար՝ Պելառուս: 

Ռուսաստան ռազմական գործողութիւնը սկսած էր Փետրուար 24-ի առաւօտեան:

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ իր նպատակը «պաշտպանելն է ութ տարիէ ի վեր Քիեւի վարչակարգի ծաղրանքներուն, ցեղասպանութեան ենթարկուող մարդիկը»:

Եւ այդ նպատակով, ըստ անոր՝ հարկ է «ապառազմականացում, ապանացիականացում կատարել Ուքրաինայի մէջ», դատել պատերազմական բոլոր ոճրագործները, Տոնպասի «խաղաղ բնակիչներուն դէմ գործուած արիւնոտ ոճիրներու» պատասխանատուները: