Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկը

Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ առանց նախապայմանի վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկը, յարգելով հոն ապրող բնակչութեան իրաւունքները։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է «հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդունուած 2020 Նոյեմբեր 9-ին»:

«Ազերպայճան պարտաւորութիւն ստանձնած է երաշխաւորելու բնակչութեան, կառքերու եւ բեռներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը՝ Լաչինի միջանցքով, երկու ուղղություններով»,– շեշտուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: