Մայիս 9-ին, Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը, ուղղուած՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի աջակիցներուն.
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սահմանադրական կարգի պահպանման իր գործառոյթի շրջանակներում յորդորում է 2024 թուականի Ապրիլ 4-ից սկիզբ առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի աջակիցներին պահպանել օրինականութիւնը եւ ոտնձգութիւն չկատարել իրաւակարգի դէմ։ Ընդգծելով սահմանադրական կարգը որեւէ ոտնձգութիւնից պահպանելու ԱԱԾ-ի առաքելութիւնը՝ արձանագրում ենք՝ սահմանադրական կարգին սպառնացող, ոչ-իրաւաչափ որեւէ վարքագիծ չէզոքացուելու է օրէնքով սահմանուած ողջ գործիքակազմի կիրառմամբ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։