Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազերպայճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի Արտաքին գործոց եւ Փոխադրութեան նախարարներու առաջին եռակողմ հանդիպումը։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով նշած է, որ հանդիպումը կը կայանայ երեք երկիրները հետաքրքրող հարցերու համակարգման եւ փոխադարձաբար շահաւէտ յարաբերութիւններու հիման վրայ՝ տարածաշրջանային կապերու ամրապնդման նպատակով։
Ան ըդգծած է, որ համագործակցության շրջանակին մէջ կը նախատեսուի ընդլայնել Պաքու-Թիֆլիս-Կարս միջանցքի կարելիութիւնները։
“Մենք քննարկեցինք նոր իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են հայկական բռնագրաւումէն ազերպայճանական տարածքներու ազատագրումէն ետք։ Զանգեզուրի միջանցքը յատուկ դեր կը խաղայ ԵՄ-ի երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Ասիոյ ուղղութեամբ երթուղիի ստեղծման գործին մէջ”,– ըսած է Պայրամով։
Հանդիպման աւարտին ստորագրուած է Պաքուի միատեղ հռչակագիրը։
Նոյն հանդիպումին, իր կարգին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Անգարա կը պաշտպանէ «Զանգեզուրի միջանցքը» բանալու գաղափարը, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը (Ազերպայճան) կը կապէ Ազերպայճանի մնացեալ բաժնին։ “Մենք կ՚աջակցինք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Կը սպասենք ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ Զանգեզուրի միջանցքի բացման, որ կապ պիտի ապահովէ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ”,– ըսած է Չաւուշօղլու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։