Փետրուար 12-ին, Ազերպայճանի ականազերծման ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստանի կողմէ ստացած են ականապատ դաշտերու ութ նոր քարտէսներ, որոնք սակայն ստոյգ չեն եւ կ՚ընդգրկեն նախկին շփման գօտիի տարածքներուն տուեալները: Իրականութեան մէջ անոնք կ՚ընդգրկեն Քարվաճառի շրջանի Մռաւ լեռնաշղթայի շրջակայքը գտնուող ականապատուած տարածքները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։