Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ Ազերպայճան յայտարարած է, թէ Հադրութի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին պիտի վեարականգնուի իբրեւ աղուանական։
«Հադրութ քաղաքի նոր մշակուած յատակագծով, յառաջիկային, հնագիտական պեղումներէ ետք, եկեղեցին պիտի վերականգնուի իբրեւ աղուանական։ Կը նախատեսուի նաեւ այնտեղ ստեղծել “աղուանական” մշակոյթը ներկայացնող թանգարան մը»,– նշուած է տեղեկագրին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։