ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպանները անտեսած են Շուշի այցելելու Պաքուի հրաւէրը

Օգոստոս 27-ին, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ կայացած խորհրդաժողովին ելոյթ ունենալով, յայտարարած է թէ՝ Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպանները անտեսած են Շուշի այցելելու՝ Պաքուի հրաւէրը: 

Ան Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու այդ քայլը որակած է «անյարգալից վերաբերում՝ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ», աւելցնելով որ՝ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերու կարծիքով հակամարտութիւնը տակաւին չէ աւարտած։

Հաճիեւ նաև անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու հասցէին, նշելով թէ՝ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահներ, այդ երկիրները «չեն նպաստած հակամարտութեան կարգաւորման»։

“Անոնք ամբողջ 30 տարի վատնեցին մեր ժամանակը։ Ներկայիս ալ, մերժելով մեր հրաւէրը՝ անգամ մը եւս անտեսեցին մեզ”,– բողոքած է Հաճիեւ, նշելով որ՝ այլեւս հրաւէր պիտի չղրկեն Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպաններուն։ 

Արցախցի երեսփոխան.- “Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դիրքորոշումը ողջունելի է եւ գնահատանքի արժանի”

Արցախի խորհրդարանի երեսփոխան Արամայիս Աղաբէկեան անդրադառնալով Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպաններուն՝ Շուշի այցելելու  Պաքուի հրաւէրը մերժելու քայլին, յայտնած է թէ՝ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու որդեգրած կեցուածքը ողջունելի է եւ գնահատանքի արժանի։

“Այն Արցախահայութեան համար նշանակում է ինքնորոշման իրաւունքի պայքարում աջակցութիւն աշխարհաքաղաքական կենտրոնների կողմից։ Պատերազմում ունեցած յաղթանակով ոգեւորուած մեր հարեւանների նման պահուածքն էլ մի կողմից զաւեշտալի է, միւս կողմից ինչ-որ չափով հասկանալի։ Մենք նոյնպէս 1994-ի յաղթանակից յետոյ պնդում էինք, որ մեր հարցը լուծուած է”,– ըսած է երեսփոխանը եւ շեշտած, որ Արցախեան հարց գոյութիւն ունի՛ եւ ան պէտք է լուծուի Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ՝ հիմք ունենալով միջազգային իրաւունքն ու միջազգային փաստաթուղթերը։