ԱԼՖՈՐՎԻԼ – Եւրոպայի հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու սեմինար

Հաղորդագրութիւն

Այս օրերուն, Փարիզի հարաւային արուարձաններէն հայահոծ Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» վարժարանին մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու սեմինար մը, որ կ՚երկարի 6-14 Փետրուար եւ կը համախմբէ աւելի քան 40 մասնակից։

Աշխատանոցը բնական շարունակութիւնն է մօտ ութ ամիս առաջ՝ Մայիս 2022-ին, Աթէնքի «Զաւարեան» վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որ ունէր 20 մասնակից: Այս անգամ մեր դաստիարակները Ալֆորվիլ կու գան՝ բերելով առաջին հաւաքէն ետք աշակերտներուն հետ իրենց  ապրած գործնական հմտութիւնները, որպէսզի կարենան իրարու հետ բաժնել այդ փորձառութիւնները, համադրումներ կատարեն եւ նոր ծրագրեր քննարկեն։ Համախմբումը առիթ մըն է նաեւ ամրացնելու գործընկերներուն միջեւ արդէն իսկ հաստատուած կապը՝ միշտ հաւատալով հաւաքական աշխատելաոճի առաւելութիւններուն։

Երկու նախաձեռնութիւնները կը պատկանին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին, իսկ սոյն աշխատանոցին կազմակերպական աշխատանքը ստանձնած են «Սուրբ Մեսրոպ- Արապեան» վարժարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, պաշտօնէութիւնը, ծնողները եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը։

Նպատակը նոյնն է, մշակել՝ արեւմտահայերէնը մեր աշակերտներուն փոխանցելու նորարար եւ արդիւնաւէտ միջոցներ, որպէսզի ան գոյատեւէ եւ զարգանայ իբրեւ ապրող լեզու։ Նպատակ մը, որ առկայ է տարբեր համեմատութիւններով՝ սփիւռքի ամբողջ տարածքին։

Աշխատանոցին ընթացքին պիտի արծարծուին բազմաթիւ նիւթեր, ինչպէս՝

  • Երեխայակեդրոն մանկավարժութիւն
  • Մանկապարտէզի աշխարհը
  • Հաւասարակշռուած եւ ներդաշնակ երկլեզուութեան զարգացումը
  • Կարդալու եւ գրելու հանգրուանները
  • Կարդալու եւ գրելու նախապատրաստական հանգրուանները
  • Ընթերցասիրութեան մշակումը
  • Խաղի, երգի եւ թատրոնի անհրաժեշտութիւնը
  • Ուսողական եւ գիտական միտքի զարգացումը
  • Քննական միտքի զարգացումը
  • Դպրոցական եւ արտադպրոցական զարգացումը
  • Միջտարիքային փորձառութիւններու կարեւորութիւնը
  • Դպրոցէն ներս լեզուական եւ մանկավարժական մշակոյթի մը ստեղծումը
  • Հայերէնի արժեւորման չափորոշիչները

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը՝ մանկավարժական ծրագրերու եւ լեզուի պատասխանատուին՝ Տիկ. Անի Կարմիրեանի միջոցաւ, մատը ճիշդ վէրքին վրայ դրած է։ Այս հաւաքները նախ եւ առաջ սկսած են դառնալ այն շաղախը, որ քով-քովի կը բերէ եւ կը միացնէ Եւրոպայի տարբեր գաղութներու մէջ գործող հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները՝ ստեղծելով ծանօթացման եւ աշխատանքային ծրագրեր։ Նման հանդիպումներու հետեւողականութիւնը ինքնաբերաբար կը գոյացնէ մանկավարժական սկզբունքներու խարիսխ մը, որ պիտի ամրացնէ եւ կայացնէ արեւմտահայերէնը ապրեցնելու եւ փոխանցելու մշակոյթ-յատակագիծ մը։

«Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան»-ի տնօրէնութիւն

Խմբագրական