Ապրիլ 5-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի անդամները՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի:
Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային կացութեան եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագրերուն։
Գարեգին Բ. յորդորած է թեմակալ առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն՝ Մայր Աթոռի համապատասխան կառոյցներու եւ սփիւռքի թեմերուն հետ համագործակցաբար, շարունակել կարելի բոլոր միջոցները գործադրել միջազգային ու միջեկեղեցական կառոյցներուն ներկայացնելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։
Անհրաժեշտ նկատելով թեմական կառոյցներու պահպանութիւնը՝ Կաթողիկոսը ընդգծած է նաեւ արցախահայերու համախմբման, ոգիի հզօրացման եւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերու շարունակութեան հրամայականը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։