Search
Close this search box.

ԱՆԳԱՐԱ – Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկած են ռազմական համագործակցութեան, Միջին միջանցքի եւ տարածաշրջանային հարցեր

Յունիս 10-ին Ան­գա­րայի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի նա­խագահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը։ 

Ըստ ազեր­պայճա­նական լրաս­փիւռնե­րու՝ Ալիեւ եւ Էր­տո­ղան քննար­կած են եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ ու­ժա­նիւ­թի, եր­թե­ւեկի, տնտե­սական եւ առեւտրա­կան կա­պերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ պաշտպա­նական, ռազ­մարդիւ­նա­բերա­կան եւ այլ բնա­գաւառ­նե­րուն մէջ հա­մագոր­ծակցու­թեան առնչուող հար­ցեր։

Կող­մե­րը ընդգծած են Մի­ջին մի­ջանցքի զար­գացման ուղղու­թեամբ եր­կու եր­կիրնե­րու միատեղ գոր­ծունէու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը։ Անոնք նաեւ միտ­քե­րու փո­խանա­կում ու­նե­ցած են տա­րածաշրջա­նային խնդիր­նե­րու շուրջ։

Նշենք, թէ վերեւ արծարծուած «Միջին միջանցք»-ը կը վերաբերի Միջին Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով երկարող ճամբուն, յատկապէս տնտեսական փոխադրումներու տեսանկիւնէն դիտարկուած։ ■