Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Սեպտեմբեր 13-ին տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն բացի Խորհուրդի անդամներէն՝ մասնակցած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
Նիստին քննարկուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազերպայճանի սկսած յարձակողական գործողութիւններուն հակազդելու ուղղուած հետագայ քայլերը:
Որոշում կայացած է այս առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսաստանին՝ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան պայմանագրի դրոյթները գործադրելու նպատակով։ Դիմում պիտի կատարուի նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին: Նշենք, որ այս դիմումները արդէն կատարուած են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։