Search
Close this search box.

ԱՐԺԱՆԹԻՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստանի եւ Արժանթինի ԱԳ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր

Պաշտօ­­նական այ­­ցով Պուէնոս Այ­­րէս գտնուող Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց (ԱԳ) նա­­խարար Արա­­րատ Միր­­զո­­­յեան Մարտ 25-ին հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցած է Ար­­ժանթի­­նի Ար­­տա­­­քին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու, մի­­ջազ­­գա­­­յին առեւ­­տուրի եւ պաշ­­տա­­­մունքի նա­­խարար Տիանա Մոն­­տի­­­նոյի հետ:

Եր­­կուստեք գո­­հու­­նա­­­կու­­թեամբ ընդգծած են եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ առ­­կայ քա­­ղաքա­­կան երկխօ­­սու­­թեան բարձր մա­­կար­­դա­­­կը՝ հիմ­­նուած Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ար­­ժանթի­­նի ժո­­ղովուրդնե­­րուն մի­­ջեւ եր­­կա­­­րամեայ բա­­րեկա­­մական կա­­պերու վրայ։ Կող­­մե­­­րը պատ­­րաստա­­կամու­­թիւն յայտնած են զար­­գացնե­­լու հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը յատ­­կա­­­պէս առեւտրատնտե­­սական, բարձր ար­­հեստա­­գիտու­­թիւննե­­րու, կրթու­­թեան, ու­­ժա­­­նիւ­­թի բնա­­գաւառ­­նե­­­րուն մէջ։ 

Նա­­խարար­­նե­­­րը քննար­­կած են նաեւ տա­­րածաշրջա­­նային անվտան­­գութեան վե­­րաբե­­րող հար­­ցեր։ Արա­­րատ Միր­­զո­­­յեան իր պաշ­­տօ­­­նակ­­ցին ներ­­կա­­­յացու­­ցած է Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ազեր­­պայճա­­նի մի­­ջեւ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու կար­­գա­­­ւոր­­ման հո­­լովոյ­­թին վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը եւ խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի նա­­խագի­­ծին շուրջ ըն­­թա­­­ցող բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը։

Միր­­զո­­­յեանին շնոր­­հուած է «Պուէնոս Այ­­րէ­­­սի պա­­տուոյ հիւր»-ի տիտ­­ղո­­­սը

Հա­­յաս­­տա­­­նի ԱԳ նա­­խարա­­րին Պուէնոս Այ­­րէս այ­­ցե­­­լու­­թեան առի­­թով խորհրդա­­րանին մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պուած է ըն­­դունե­­լու­­թիւն մը, որուն մաս­­նակցած են երես­­փո­­­խան­­ներ, Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց եւ քա­­ղաքա­­յին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու պաշ­­տօ­­­նատար­­ներ, օտար եր­­կիրնե­­րու դես­­պաններ, հայ եւ այլ հա­­մայնքնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Խորհրդա­­րանի փոխ­­նա­­­խագահ­­նե­­­րը իրենց ելոյթնե­­րու ըն­­թացքին ընդ­գծած են Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ար­­ժանթի­­նի մի­­ջեւ ամուր եւ սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը:

Ըն­­դունե­­լու­­թեան ժա­­մանակ Արա­­րատ Միր­­զո­­­յեա­նին շնոր­­հուած է «Պուէնոս Այ­­րէ­­­սի պա­­տուոյ հիւ­ր»-ի տոտ­­ղո­­­սը։

Տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է նաեւ «Հայ­­կա­­­կան Պուէնոս Այ­­րէս» գիր­­քին շնոր­­հա­­­հան­դէսը: ■