«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը մեկնաբանելով թուրքեւազերպայճանական հակահայ վերջին քայլերը, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՚ըսէ թէ «Ազերպայճան կը փափաքի տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան, իսկ Թուրքիա բացայայտօրէն կ՚աջակցի “Արեւմտեան Ազերպայճան” կեղծ թեզի տարածումին»։
Հիմնադրամին հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ.
«Թուրքիա, որու բացայայտ աջակցութեամբ Ազերպայճան բռնագրաւեց Արցախը, կը շարունակէ աջակցիլ ալիեւեան ցեղասպան վարչակազմին՝ անոր շինծու եւ հայատեաց թեզերու մշակման եւ տարածման:
Վերջերս, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարզանքի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Մահմուտ Էօզերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է այսպէս կոչուած “Արեւմտեան Ազերպայճան” համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Այդ համայնքը կը զբաղի իբրեւ թէ “Հայաստանէն բռնագաղթուած ազերպայճանցիներու”, պետական հովանաւորութեամբ հակահայկական կեղծ թեզերու մշակման եւ տարածման հարցերով: Հանդիպումին անոնք խօսած են այսպէս կոչուած “օղուզ-թրքական հողերը միաւորող «Արեւմտեան Ազերպայճանի» մասին”:
“Հայաստանէն հեռացած ազերպայճանցիներու” վերադարձի հարցը արծարծելով՝ Ազերպայճան իրականութեան մէջ կ՚ուզէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հակադրուիլ տեղահանուած արցախահայութեան՝ իրենց բնակավայրեր վերադառնալու եւ իրենց ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու արդար պահանջին:
Հանդիպումին Մահմուտ Էօզեր նշած է, թէ քննարկումներ պիտի կազմակերպուին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի իր գործընկերներուն հետ՝ աւելի սերտօրէն աջակցելու “Արեւմտեան Ազերպայճան”-ի խնդրին: Այդ նպատակով ան առաջարկած է միատեղ հրատարակել հարցը ներկայացնող եռալեզու՝ ազերպայճաներէն, թրքերէն եւ անգլերէն գիրք մը: Սա անգամ մը եւս կը վկայէ պատմական փաստերու խեղաթիւրման եւ այդ կեղծիքները միջազգային հանրութեան մէջ տարածելու նպատակին մասին:
Եթէ մինչ այդ “Արեւմտեան Ազերպայճան” կեղծ թեզը կը շրջէր յատկապէս ազերպայճանական միջավայրի մէջ, ապա այժմ այդ կեղծիքի տարածումին աշխուժօրէն կ՚աջակցի Թուրքիա:
Քանի որ հայ ժողովուրդի նկատմամբ այդ երկու երկիրներու ցեղասպան եւ յանցագործ քաղաքականութիւնը չէ դատապարտուած միջազգային կառոյցներու կողմէ, անպատիժ մնալը պիտի յանգեցնէ նոր յանցագործութիւններու»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։