Search
Close this search box.

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – «Հաւատքի ճամբար» երիտասարդական հանդիպումը

 

Հաղորդագրութիւն՝ Առաջնորդութեան Հայոց Գերմանիոյ

Մարտ 15-17, Գեր­մա­նիոյ Վալ­լենտար քա­ղաքի կա­թողի­կէ երի­տասար­դա­կան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ եկե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ թե­մի կազ­մա­կեր­պած «Հա­ւատ­քի ճամ­բար» երի­տասար­դա­կան հան­դի­պու­մը։

Թե­միս Առաջ­նորդ գե­րաշ­նորհ Տ. Սե­րով­բէ եպիս­կո­պոս Իսա­խանեանի օրհնու­թեամբ «Հա­ւատ­քի ճամ­բար»-ի կազ­մա­կերպչա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը ստանձնած էր արժ. Տ. Տի­րատուր քհնյ Սար­դա­րեան։ Ան­կէ բա­ցի ճամ­բա­րին մաս­նակցե­ցան նաեւ Թե­միս հո­գեւո­րական­ներ Տ. Այ­գիկ քհնյ Յով­հաննի­սեան, Տ. Հրաչ քհնյ Բի­լիջեան եւ Տ. Վահ­րիճ քհնյ Բաղ­դա­սարեան։ Ճամ­բա­րին ներ­կայ էր հիւ­րա­բար Գեր­մա­նիա գտնուող Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի միաբան հոգշ. Տ. Գա­րեգին վրդ. Համ­բարձու­մեան։

«Ու­ղե­ւորու­թիւն դէ­պի հա­ւատ­քի ակունքներ» ճամ­բա­րը մաս­նա­կից աւե­լի քան երեք տաս­նեակ երի­տասարդնե­րուն ըն­ձե­ռեց բա­ցառիկ հնա­րաւո­րու­թիւն՝ խո­րասու­զուելու Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հա­րուստ պատ­մութեան, անոր ուսմունքի եւ խոր աւան­դութիւննե­րու, քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քի հիմ­նա­կէտե­րու եւ այլնի մէջ։

Երի­տասարդնե­րը առիթ ու­նե­ցան մօ­տէն ծա­նօթա­նալու եւ ան­մի­ջակա­նօրէն շփուելու հո­գեւո­րական­նե­րուն հետ, անոնց առաջ­նորդու­թեամբ զրու­ցե­լու եւ քննար­կե­լու Աս­տուածա­շունչին, հա­ւատ­քի, եկե­ղեց­ւոյ, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեւոր ինքնու­թեան վե­րաբե­րող հար­ցեր։ Այս եւ այլ հար­ցե­րու շուրջ խմբա­յին եւ ներ­գործուն (interactif) քննար­կումնե­րը, հո­գեւոր խորհրդա­ծու­թեան պա­հերը եւ ժա­մեր­գութիւննե­րու մաս­նակցու­թիւնը երի­տասարդնե­րուն հա­մար լաւ առիթ հան­դի­սացաւ խորհրդա­ծելու հա­ւատ­քի կա­րեւո­րու­թեան մա­սին, ձեռք բե­րելու անձնա­կան պատ­կե­րացումներ:

Մաս­նա­կից երի­տասարդնե­րը հե­ռավար կա­պով ունկնդրե­ցին Առաջ­նորդ Սե­րով­բէ սրբա­զանի օրհնու­թեան խօս­քը, ական­ջա­լուր եղան մաս­նա­կից հո­գեւո­րական­նե­րու խորհրդա­ծու­թիւննե­րուն` քրիս­տո­նէու­թեան, ըն­կե­րային ծա­ռայու­թեան, եկե­ղեց­ւոյ եւ հա­մայնքին մէջ իրենց ներգրա­ւուա­ծու­թեան կա­րեւո­րու­թեան մա­սին, աշ­խուժօ­րէն մաս­նակցե­ցան այս եւ այլ նիւ­թե­րու շուրջ քննար­կումնե­րուն։

Ճամ­բա­րը ստեղ­ծեց հար­թակ մը՝ ըն­կե­րային ան­մի­ջական շփումնե­րու եւ մէկզմէ­կու հետ կա­պեր հաս­տա­տելու հա­մար։

Ըստ «Հա­ւատ­քի ճամ­բար»-ին մաս­նա­կից շատ մը երի­տասարդնե­րու՝ նման հան­դի­պում մը պէտք է կազ­մա­կեր­պուի պար­բե­րական յա­ջոր­դա­կանու­թեամբ, քա­նի որ լա­ւագոյն առի­թը ըն­ծա­յեց իրենց միասին ըլ­լա­լու, սոր­վե­լու շատ նոր բա­ներ եւ ապ­րե­լու ան­մո­ռանա­լի պահեր:

Դիւան Առաջնորդարանի