Փետրուար 16-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սուրէն Պապիկեանի հետ մասնակցած է Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Համաժողովին ներկայ եղած են քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, վարչապետեր, Արտաքին գործոց նախարարներ, ինչպէս նաև ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարները։
Համաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետը երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է Քոսովոյի եւ Իրաքի վարչապետերուն, Amazon Web Services ընկերութեան փոխնախագահներուն, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախագահին, Մեծն Բրիտանիոյ գաղտնի հետախուզական ծառայութեան ղեկավարին, Լիխթընշթայնի իշխանին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարին հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։