Դաւիթ Բաբայեան.– «Եթէ նոյն ժողովրդավարական աշխարհը դիտում է մեզ որպէս Ադրբեջանի մաս, սա կը լինի խարան նաեւ իրենց վրայ դաջուած»

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան կը շարունակէ իր մտահոգութիւնը արտայայտել Արցախի ապագայի վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիմագիրքի էջին հրապարակուած է նախարարին եզրակացութիւնը՝ աշխարհի կողմէ Արցախը Ազերպայճանի մաս դիտելու պարագային։ 

«Եթէ նոյն ժողովրդավարական աշխարհը դիտում է մեզ որպէս Ադրբեջանի մաս, սա կը լինի մի խարան նաև իրենց վրայ դաջուած, քանզի Արցախի ցեղասպանութիւնը կը լինի նաեւ այդ քաղաքականութեան հետեւանքը»,– գրած է Բաբայեան։