Search
Close this search box.

Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է հայ-վրացական «Միմինօ» փառատօնը

Յունիս 17-ին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է «Միմինօ» հայ-վրացական  մշակութային-խոհարարական փառատօնը:

Փառատօնի մասնակից հայ եւ վրացի խումբերը իրենց տաղաւարներուն մէջ պատրաստած եւ ներկայացուցած են սեփական խոհանոցի բազմազան ուտեստները: Փառատօնի մշակութային եւ երաժշտական հարթակներու վրայ ներկայացուած են ազգային  երգ ու պար, արուեստի գործեր, արհեստագործական աշխատանքներ:

Բացման արարողութեան հիւրերը ողջունած են կազմակերպիչներն ու երկու երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները` ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի համար: