Յունիս 28-ին, ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ` դոկտոր Վարդան Մատթէոսեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան հրաւէրով Երեւանի մէջ դասախօսած է` «Մեծ Եղեռն եզրոյթը եւ անոր մեկնաբանութիւնները» նիւթին շուրջ:
Մատթէոսեան այս հարցին շուրջ իր ուսումնասիրութիւններն ու դիտարկումները 2022-ին ամփոփած էր «The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and «Medz Yeghern»» գիրքին մէջ:
Ան ներկայացուցած է «Մեծ եղեռն» բառակապակցութեան պատմական եւ ժամանակակից նշանակութիւնը, իր տասը տարուան պատմական համեմատական եւ լեզուաբանական ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնցմով ի մի բերած է միջազգային եզրաբանութեան մէջ «Մեծ եղեռն» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւններու ընկալման զարգացումները` սկսեալ Հռոմի պապ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.էն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն:
Դասախօսութեան յաջորդած է հարցում-պատասխանի շահեկան բաժին մը։
Աւելցնենք, որ Վարդան Մատթէոսեան այս նիւթին շուրջ թերթիս սիւնակներուն մէջ ալ ստորագրած էր «“Եղեռն” բառի իմաստը եւ հայերէնի չիմացութեան վնասները» խորագրեալ մասնագիտական յօդուած մը, որ լոյս տեսած էր երկու մասով (2020 Ապրիլ 30-ի եւ Մայիս 7-ի թիւեր՝ 1461-1462)
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։