Օգոստոս 3-ին, Պաքու մեղադրած էր Երեւանը՝ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտելու յանցանքով, շեշտելով՝ «Ազերպայճանի տարածքին տեղի ունեցած միջադէպի ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որ ցարդ իր անօրինական զինուած կազմաւորումները չէ քաշած դրացի պետութեան տարածքէն»։
Այս կապակցութեամբ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է.-
“Ինչպէս տեղեակ էք Լեռնային Ղարաբաղում եւ նրա շուրջ իրավիճակը ծայրայեղ սրուել է, տեղի ունեցած մարտերի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի 19 զինծառայող վիրաւորուել է, 2 զինծառայող զոհուել, խնդրում եմ, մէկ րոպէ լռութեամբ յարգենք զոհուած զինծառայողների յիշատակը”։
Ան այնուհետեւ անդրադարձած է ազերպայճանական վերոնշեալ պնդումներուն։
“Ադրբեջանը շարունակաբար շահարկում է Լեռնային Ղարաբաղում Հայաստանի զինուած ուժերի ներկայութիւնը։ Պիտի արձանագրեմ պաշտօնապէս, որ Լեռնային Ղարաբաղում Հայաստանի Հանրապետութեան զինծառայող չկայ”,– ըսած է վարչապետը։
Նշենք, թէ Օգոստոս 3-ին Հայաստանի լրասփիւռները հաղորդած էին, թէ Օգոստոս 2-ի երեկոյեան Արցախի զօրամասերուն մէջ հրամանատարական կազմի հրահանգով հաւաքած էին զինուորները, կանխաւ զանոնք զօրացրած եւ արագ տեղաւորելով տասնեակներով հանրակառքերու մէջ, կէս գիշերին հարիւրաւոր զինուորներ փոխադրած էին Երեւան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։