Search
Close this search box.

Երուանդ  Քոչարի  յիշատակին նուիրուած  խնկարկման  արարողութիւն՝  անոր շիրիմին առջեւ

Յունիս  15-ին,  մեծանուն  քանդակագործ,  արձանագործ,  նկարիչ  Երուանդ  Քոչարի  ծննդեան  125-ամեակին առիթով  (1899  Յունիս  15),  Երեւանի  պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է արուեստագէտի յիշատակին նուիրուած խնկարկման արարողութիւն։ Ներկայ եղած են Կրթութեան,  գիտութեան,  մշակոյթի  եւ  մարզանքի  նախարար  Ժաննա  Անդրէասեան,  Երուանդ  Քոչարի  թանգարանի  տնօրէն  Կարինէ  Քոչար,  Հայաստանի  ազգային  պատկերասրահի  տնօրէն  Մարինա  Յակոբեան,  իր  ընտանիքին  անդամները  եւ  արուեստի  երկրպագուները,    որոնք  ծաղիկներ  զետեղած  են  անոր շիրիմին։

,–  ըսած  է  տիկին  Անդրէասեան,  տեղեկացնելով,  որ  Երուանդ  Քոչարի  ծննդեան  125-ամեակին  նուիրուած  միջոցառումները  շարունակական  պիտի ըլլան ամբողջ տարուան ընթացքին՝ Երեւանի,  մարզերու եւ արտասահմանի մէջ:

Այնուհետեւ մասնակիցները ուղղուած են դէպի Քոչարի թանգարանը,  ուր  տեղի  ունեցած է  արուեստագէտին  նուիրուած  յուշ-ցերեկոյթ մը:  Ներկաները  անդրադարձած են Քոչարի  կեանքին,  ստեղծագործութիւններուն  եւ  գործունէութեան: