Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ – ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԲՈԼՈՐԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ. Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը այս օրերուն կը գտնուի իր 16-դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիքի տակ: Գոյութենական-տարածքային այս վտանգը ամբողջութեամբ կը տարածուի նաեւ Երուսաղէմի բոլոր Քրիստոնէական համայնքներու վրայ: 

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը վերջերս յետս կոչած է «Կովերու պարտէզի» խաբեբայութիւններով շաղախուած պայմանագիրը:

Կառուցապատողները փոխանակ յետս կոչման նամակին օրինական պատասխան տալու, ամբողջութեամբ անտեսած են Պատրիարքարանի իրաւական դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ՝ ընտրելով սադրանք, յարձակում, հալածանք, մինչեւ իսկ ոչնչացում հրահրող մարտավարութիւն՝ «Կովերու պարտէզ» բերելով զինուած վարձու սադրիչներ:  

Վերջին օրերուն «Կովերու պարտէզ» կայանատեղիի կպրապատ յատակին ոչնչացումն ու քանդումը իրականացուած է կառուցապատողներու կողմէ առանց քաղաքապետարանի եւ ոստիկանութեան արտօնութեան: Անտեսելով այս հանգամանքը՝ ոստիկանութիւնը վերջին քանի մը օրերու ընթացքին նախընտրեց Հայ համայնքի բոլոր անդամներէն պահանջել ազատե՛լ տարածքը:

Մենք կոչ կ’ընենք Երուսաղէմի բոլոր Քրիստոնեայ համայնքներուն այս աննախադէպ ժամանակներուն նեցուկ ըլլալու Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան, քանի որ սա նոր յստակ քայլ մըն է, ձեռնարկուած՝ Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրին մէջ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգելու ուղղուած:

ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ

2023 Նոյեմբեր 16

***

Աւելցնենք, թէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ»-ի հարցով ծնունդ առած լարումը նախորդ օր ա՛լ աւելի շեշտուած է։ 

Արդարեւ, Նոյեմբեր 15, ժամը 16.30-ի շուրջ հրեայ գաղթականներ (colons) կառքերով եւ մոթօներով մտած են «Կովերու պարտէզ»։ Քաղաքի հայ բնակիչները շրջափակած են տարածքը։

Դէպքի վայր ժամանած են նաեւ իսրայէլական ոստիկանական ուժերը եւ բանակի ստորաբաժանումներ՝ ստիպելով գաղթականները ցրւուելու։

Ոստիկանութիւնը, սակայն, թոյլ  տուած է անոնցմէ ոմանց մնալ հոն։ Ի պատասխան՝ հայ բնակիչները կենդանի վահան կազմած եւ խաղաղութեամբ անոնց կոչ ըրած են լքելու տարածքը։

Այդ ընթացքին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երեք Սաղիմահայ, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս։

***

Խնդրին լրջութիւնն ու տարողութիւնը ընդգծելու համար՝ նշենք, որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը արտայայտուած է այս մասին, յղում կատարելով Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան՝ X-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան, ուր կ՚ըսուի. «Ֆրանսա խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ շարունակուող լարումին, ուր իսրայէլացի գաղթականներու կողմէ բուռն ճնշում կը գործադրուի բնակչութեան նկատմամբ։ Ան պէտք է անյապաղ դադրեցուի»։