Search
Close this search box.

Երուսաղէմի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի նախագահի օգնականն ու Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը

Դեկտեմբեր 8-ին, Երուսաղէմի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի նախագահի արտաքին քաղական հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ու Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար։

«Մենք քննարկեցինք Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Ազերպայճանի միջեւ ամուր յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր»,– «X»-ի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է Իսրայէլի դիւանագիտութեան ղեկավարը։