Եւրոպական յանձնախումբի նախագահուհի Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն Դեկտեմբեր 17-ին, Անգարայի մէջ ընդունուած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ։
Հանդիպումէն ետք, Լեյէն յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մէկ միլիառ եւրոյի նպաստ մը եւս պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ, սուրիացի ապաստանեալներու օգնութեան գանձատրման նպատակով։
Սուրիոյ վերջին զարգացումներու այս օրերուն՝ մինչ Թուրքիա կը փորձէ սուրիացի ապաստանեալներու նկատմամբ իր վերաբերումը ներկայացնել որպէս «մարդասիրական», առանձնապէս հետաքրքրական է Լեյէնի այս յայտարարութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։