Search
Close this search box.

Էլիզէի պարտէզներէն հատուած մը պիտի մկրտուի Ազնաւուրի անունով

Շառլ Ազնաւուրի հարիւրամեակին առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը յարգանքի տուրք մատուցելով արուեստագէտին եւ մարդասէրին՝ Էլիզէի պալատի պարտէզներէն հատուած մը կը մկրտէ Ազնաւուրի անունով։

Փարիզի կեդրոնը գտնուող այս տարածքը առժամաբար փակ պիտի ըլլայ վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներու նպատակով եւ պիտի վերաբացուի 2024-ի գարնան։