Search
Close this search box.

ԹԵՀՐԱՆ – Արարատ Միրզոյեան եւ Իպրահիմ Ռայիսի քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր

Հոկտեմբեր 23-ին, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ ընդունած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ դրացի եւ բարեկամ երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներու հազարամեայ եղբայրութեան վրայ:

Ընդգծուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու իրականացումը։

Կողմերը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: