Թէոդոսիոյ մէջ 14-րդ դարուն կառուցուած հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր կը հանգչի աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի աճիւնը, վնասուած է քաղաքի նաւահանգիստին վրայ Ուքրաինայի զինուած ուժերու հրթիռային յարձակման հետեւանքով։ Լուրը կը հաղորդէ Ղրիմի ազգամիջեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Զաուր Սմիրնով։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 1330-ին եւ կը համարուի Թէոդոսիոյ ամէնէն հին հայկական տաճարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։