Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան Թիւրքմէնստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ մասնակցած է փիլիսոփայ, թիւրքմէն բանաստեղծ Մախթումկիւլի Ֆռակիի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած մշակոյթի նախարարներու միջազգային խորհրդաժողովին: Այդ առիթով բացումը կատարուած է Ֆռակիի անունով հանրապարտէզին, ուր տեղադրուած է վերջինիս յուշարձանը։
Նոյն հանրապարտէզի նորաբաց ճեմուղիին մէջ տեղադրուած է նաեւ հայ աշուղ-բանաստեղծ Սայեաթ Նովայի արձանը՝ Տանթէ Ալիկիերիի, Տոսթոեւսքիի, Հաֆէզի, Կէօթէի եւ այլ համաշխարհային մտածողներու արձաններու կողքին։
Սայեաթ Նովայի արձանին բացումը կատարած են Ժաննա Անդրէասեան եւ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Խարազեան։ Արարողութեան ներկայ եղած են խորհրդաժողովի պատուիրակները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։