Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Մարտ 25-ին յայտարարած է, թէ ազերպայճանական լրասփիւռներու մէջ Հայաստանի հասցէին հնչող սպառնալիքները անընդունելի են։ Ան չէ յստակացուցած թէ ո՞ր սպառնալիքներու մասին է խօսքը, այնքան բազմաթիւ ու բազմազան են անոնք։ Պարզապէս, X ընկերային ցանցի իր հաշիւին ան գրած է.
«Սահմանազատման վերաբերեալ անհրաժեշտ են իրական բանակցութիւններ եւ բոլոր տարածքային վէճերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով ու համաձայնութեան արժանացած գործընթացի շրջանակներու մէջ»։
Յաջորդ օրը՝ Մարտ 26-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ հակադարձելով Քլաարի յայտարարութիւններուն՝ իր կարգին յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը «չարիք կը տեսնէ մի՛այն ազերպայճանական գիւղերու վերադարձի մասին օրինական վիճարկումին մէջ»՝ ամբողջովին անտեսելով «հայկական մամուլին մէջ ապօրինի բռնագրաւումը շարունակելու պայքարի կոչերը»։
Հաճիզատէ ընդգծած է, թէ «ազերպայճանական չորս գիւղերը տարածքային վէճի առարկայ չեն»։
Յիշեցնենք, թէ Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ անյապաղ իրեն վերադարձնել Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի սահմանագիծին գտնուող չորս գիւղերը։ Իսկ Ազերպայճանի պահանջած այդ գիւղերը, ըստ վարչապետ Փաշինեանի՝ տէ եուրէ Հայաստանի տարածքին մաս չեն կազմեր՝ Ալմաթիի հռչակագրին համաձայն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։