Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Անգարայի մէջ Պլինքըն հանդիպում ունեցած է Էրտողանի եւ Ֆիտանի հետ

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Դեկտեմբեր 12-ին Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հետ։

Կողմերը քննարկած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները։ Էրտողան յայտնած է, թէ իր երկիրը կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան միասնաբար աշխատելու՝ Սուրիոյ հաստատութիւններու վերականգնման համար։ Ան նաեւ ըսած է, թէ Թուրքիա իր ազգային անվտանգութեան համար Սուրիոյ մէջ կանխող միջոցներու պիտի ձեռնարկէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ՝ շեշտելով, որ Անգարա թոյլ պիտի չտայ որեւէ թուլութիւն «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ։

Իր կարգին Պլինքըն ընդգծած է ԱՄՆ-Թուրքիա ընդհանուր շահը՝ աջակցելու սուրիացիներու գլխաւորութեամբ եւ սուրիացիներու մասնակցութեամբ քաղաքականութիւն մշակելու՝ ունենալու հաշուետու եւ ներառական կառավարութիւն: Ան վերահաստատած է Սուրիոյ բոլոր դերակատարներու կողմէ մարդկային իրաւունքները յարգելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը պահպանելու եւ խաղաղ բնակիչները, ներառեալ փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու համար կարելի բոլոր քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը։

Յաջորդ օր՝ Դեկտեմբեր 13-ին, Պլինքըն նոյնանման հարցեր քննարկած է նաեւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած առանձին հանդիպումին։