Յունուար 12-ին Ճաքարթայի քրիստոնէական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է համայնքային ծառայութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու վերաբերեալ գիտաժողովը:
Գիտաժողովին զեկուցած է նաեւ Արարատ Կոստանեան՝ «Ինքնութեան քաղաքականութիւնը եւ անվտանգութեան ոչ-աւանդական գործիքակազմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» նիւթին շուրջ, կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի երկիրներու հայ գաղթավայրերու եւ հիւրընկալ երկիրներու ու բնիկ ժողովուրդներու միջեւ եղած բարիդրացիական յարաբերութիւններու, անոնց ընկերային համախմբուածութեան հարցին վրայ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Արեւելագիտութեան համալսարանի նախկին գիտաշխատող դոկտ. Արարատ Կոստանեան ներկայիս կ՚աշխատի Սուրիոյ հայ համայնքին եւ բնիկ սուրիացի ժողովուրդին միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու վերաբերեալ ատենախօսութեան վրայ, Ինտոնեզիոյ իսլամական միջազգային համալսարանին մէջ։
Աղբիւր՝ Azg.am
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։