«Եկեղեցի եւ առաքելութիւն անզանազանելի են» վերնագրեալ հատորը ձօնուած է այն ծիրանաւորին որ աշխատեցաւ պատրաստելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովը եւ 1960 թուականին նշանակուեցաւ Հաւատքի Տարածման ժողովի վարիչ։
Լաթերանոյի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ, Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին վերաբերեալ թեմական քննութեան բացման արարողութենէն ճիշդ մէկ տարի յետոյ, 2023 Հոկտեմբեր 28-ին լոյս տեսած է «Եկեղեցի եւ առաքելութիւն անզանազանելի են» վերնագրեալ, Ալեսանտրա Սքոթթոյի ստորագրութիւնը կրող հատորը որուն յառաջաբանը ստորագրած է կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, իսկ վերջաբանը՝ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան։
Վատիկանի Տիեզերական Բ. ժողովի առաջատար գործիչ, կարդինալ Աղաճանեան (1895-1971) եղած է Ժողովի այն վարիչներէն մէկը, որ ընտրուած է Պօղոս Զ. Պապին կողմէ, եւ անկէ առաջ Յովհաննէս ԻԳ.-ի կողմէ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովը ձեւաւորելու եւ աշխատանքները պատրաստելու համար,– մասնաւորաբար միսիոնարական գործունէութեան ուղղութեամբ,– հաշուի առնելով անոր մեծ դերը` 1960-էն 1970 տարիներուն, որպէս Հաւատոյ տարածման ժողովի վարիչ։
Քրիստոսի հանդէպ բուռն սէր ունեցող, այս առաքեալին միսիոնարական գործունէութեան առնչուող լուսանկարներով, մտորումներով եւ վկայութիւններով լի հատորը ընթերցողին կը ներկայացնէ հոգիներու հոգեւոր հովիւի օրինակը, որ իր կեանքը սպառեց Աւետարանի սիրոյ հուրով, Քրիստոսի եւ մերձաւորին համար։
Հատորը ոչ միայն թանկարժէք փաստաթուղթերու հաւաքածոյ մըն է, որ յիշողութեան մէջ կը վերականգնէ հովիւի մը մարդկային, հոգեւոր եւ միսիոնարական դիմագիծը, որ ապրեցաւ ու ծառայեց հարազատ սրբութեան հոգիով, այլ նաեւ կը սատարէ հասկնալու աշխարհին մէջ աստուածային միջամտութիւնը, ինչպէս նոյնինքն Կարդինալը ըսած է, «Աստուած գիտէ չարի զօրութիւնը բարիի կշիռքով հակակշռել»։
Կարդինալ Աղաճանեան հասկցաւ, որ 1915-ի Մեծ Եղեռնէն յետոյ, մոլորուած ժողովուրդը վերամիաւորելու համար անհրաժեշտ էր կառուցել եկեղեցիներ, վանքեր, անոնց շուրջ համախմբելու համար տեղահանուած Հայերը։
Նոյն Հոգիով է, որ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան այսօր կոչ կ՚ուղղէ պաշտպանելու Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի տարածաշրջանէն ներս հայկական վանքերն ու աղօթատեղիները, պահանջելով որ անոնք յարգուին ու պաշտպանուին։
Վազգէն Աբարդեան/Անքա Մարթինաս – Վատիկան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։