Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Մատենադարանի ութ ձեռագրեր կը ցուցադրուին Վենետիկի Դքսական պալատին մէջ

Իտալիա գտնուող՝ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ապրիլ 6-ին այցելած է Վենետիկի Դքսական պալատը (Pallazo Ducale), ուր տեղի ունեցած է Մարքօ Փոլոյին նուիրուած ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը։ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ նշանաւոր թանգարաններու ցուցանմուշներու կողքին կը ցուցադրուին նաեւ Մատենադարանի բարձրարժէք ձեռագիր մատեաններ:

Հայաստանին նուիրուած ցուցադրութեան գիտական խորհրդատու, Ֆլորանսայի համալսարանի դասախօս, հայագէտ  Զարուհի Պօղոսեան՝  Մատենադարանի, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի և Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մասնագէտներու համագործակցութեամբ ընտրած է ցուցադրուող նմուշները։ 

Ցուցահանդէսին նախորդող օրը տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին կազմակերպիչները յատուկ կարեւորութիւն ընծայած են Հայաստանի մասնակցութեան, անդրադառնալով նաեւ Արցախեան պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն։

Նշենք, թէ Հայաստանին յատկացուած ցուցասրահին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիր մատեանը։

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2024 Սեպտեմբեր 29։