Search
Close this search box.

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը հերքած է  Մեծամօրի հիւլէակայանի՝ Արաքս գետը ապականելու մասին տեղեկութիւնը

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հերքած է մամուլով հրապարակուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէակայանը շողարձակող  նիւթերով կ՚ապականէ սահմանային Արաքս գետը, եւ թէ այդ պատճառով ալ Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ քաղցկեղային հիւանդութիւններու թիւը աճ արձանագրած է։

Նախարարին հերքումի խօսքերը մեջբերած է Tasnim գործակալութիւնը։

«Իրանի Հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը հերքեց Մեծամօրի հիւլէակայանի շահագործման հետեւանքով Արաքս գետի ապականումի մխսին պնդումները»,– շեշտած է Ապտոլլահեան:

Յիշեցնենք, թէ առաջին անգամ չէ, որ իրանական կողմը կը հերքէ հիւլէակայանի թափօններով Արաքսի ապականումի մասին պնդումները։