Search
Close this search box.

Իրան կ՚ողջունէ Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը

Դեկտեմբեր 27-ին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միատեղ մամլոյ ասուլիսին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ կ՚ողջունէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

“Իրան կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ Հիւսիս-Հարաւ տարանցիկ ուղիի զարգացման աշխատանքներուն”,– ըսած է Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան՝ աւելցնելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պէտք է հաստատուի առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան։ “Մի՛այն տարածաշրջանային երաշխաւորները կրնան այդ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովել”,– ընդգծած է ան։

Իրանցի նախարարը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Կողմերը քննարկած են հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս անդրադառնալով երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու խորացման, ենթակառոյցներու, ինչպէս նաեւ այլ բնագաւառներու մէջ իրականացուող եւ նախատեսուող ծրագրերուն: