Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ – ՊԱՂԵՍՏԻՆ – Նախագահ Ռայիսի Իսրայէլին աջակցող երկիրները անուանած է Պաղեստինցիներու դէմ «յանցագործութիւններու մեղսակից»

Նոյեմբեր 6-ին, Թեհրանի մէջ Իրաքի վարչապետ Մոհամմէտ Շիա ալ-Սուտանիի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսին, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Իսրայէլին աջակցող բոլոր երկիրները անուանած է Պաղեստինցիներու դէմ կատարուող յանցագործութիւններու մեղսակից։ Ռայիսիի խօսքերը մէջբերած է «Tasnim» լրատու գործակալութիւնը։

Իրանի նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ու՝ զէնքի մատակարարումներու ձեւով օգնութիւնը, Իսրայէլին թոյլ կու տայ աւելի համարձակ գործել:

Նշենք, թէ Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի դեմ Համասի յարձակման հետեւանքով աւելի քան 1400 հոգի զոհուած էր, շուրջ 240 ուրիշներ ալ գերեվարուած էին։ Իսկ Կազայի մէջ Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով ցարդ զոհերուն թիւը հասած է 9770-ի, ներառեալ՝ 4000-է աւելի երեխաներ։